2012-10-18 12:32:23

Նոր Աւետարանութեան Նիւթով Եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսի <<Քննարկումէ Ետք Տեղեկագիրի>> Ներկայացում։


Կարդինալ Ուերլ, սիւնհոդոսի ընդհանուր տեղեկատուն, սիւնհոդոսական հայրերուն ներկայացուց <<Քննարկումէ Ետք Տեղեկագիրը>> որուն մէջ ամփոփուած են ժողովական հայրերու կատարած միջամտութիւններու առաջարկները, ի պատրաստութիւն վերջնական վաւերաթուղթին։

Չոքրեքշաբթի 17 հոկտեմբերի սիւնհոդոսական յետ միջօրէի նիստի ընթացքին Սրբազան Քահանայապետին ներկայութեամբ, Գերմանացի կարդինալ Տոնալտ Ուիլլիամ Ուերել ամփոփելով սիւնհոդոսական հայրերու ցայժմ կատարած միջամտութիւններու առաջարկները, ի պատրաստութիւն վերջնական վաւերաթուղթին ներկայացուց <<Քննարկումէ Ետք Տեղեկագիրը>> ըսելով.
Նոր աւետարանութիւնը ժամանակաւոր յայտագիր մը չէ, այլ նոր եղանակ մըն է նայելու Եկեղեցւոյ ապագային եւ յանձնառումով վերանորոգելու մեր հաւատքը, քանի Եկեղեցւոյ գլխաւոր առաքելութիւնն է Աւետարանի քարոզութիւնը։

Այսօր Եկեղեցւոյ սպասաւորը կը հարցադրէ թէ ի՞նչպէս Աստուծոյ խօսքը կարելի է հաղորդել աշխարհին եւ մասնաւորապէս այն երկրիներուն մէջ ուր քրիստոնէութիւնը դարերէ ասդին արմատ հաստատած է եւ ուր սակայն շատ մը քրիստոնեաներ ներկայիս անտարբեր են կամ կ՛անգիտանան իրենց հաւատքի իրողութիւնը։
Սիւնհոդոսի ընդհանուր տեղեկատուն ընդգծեց հոգեւոր վերանորոգումին հարկաւորութիւնը, որուն եկեղեցին կանչուած է եւ որ պէտք է հռչակէ եւ իրականացնէ։
Ան ապա գործնական մատնանշումներ կատարեց նոր աւետարանութեան վայրերու մասին. ինչպէս ժողովրդապետութիւնը, փոքր հասարակութիւնները, դպրոցը, համալսարանը, ուխտագնացութեան վայրերը ու կրօնուսոյցները, որոնց հարկաւոր է շնորհել մնայուն պաշտօն մը եկեղեցւոյ մէջ։
Կարդինալ Ուերլ վերակոչեց մասնաւորապէս ամունութիւնը, ընտանիքը` որպէս պաշպանութեան կարօտ հաստատութիւն մը ու հաւատքի փոխանցման լաւագոյն վայր։ Կարդինալ Ուերլ նդրադրաձւ նոյնպէս եկեղեցւոյ մէջ կնոջ հիմնական դերին։ Իր միջամտութեան մէջ, ծիրանաւորը, բնականաբար լայն տեղ յատկացուց հոգեւորականներուն, վանականներուն, որոնց առաքելութիւնը անփոխառինելի է, ու ընդգծեց անոնց լաւ կազմաւորումի անհրաժեշտութիւնը, ու անոնց կուսակրօնութեան կարեւորութիւնը ։
Սիւնոդոսի ընդհանուր տեղեկատուն հուսկ մատնանշեց աշխարհականներու կարեւոր դերին` նոր աւետարանութեան համար։ Բոլոր քրիստոնեաները կանչուած են հրաւիրելու հաւատացեալները ապրելու իրենց հաւատքը թէ խօսքով եւ թէ գործով։
Իր միջամտութեան աւարտին սիւնոդոսի ընդհանուր տեղեկատուն ժողովական հայրերէն խնդրեց պատասխանել սիւնհոդոսական քարտուղարութեան կողմէ պատրաստուած 14 հարցումներուն, որոնց պատասխաններու հիման վրայ պիտի պատրաստուի Սիւնոդոսի վերջնական վաւերաթուղթը։
Ան ապա իր միջամտութիւնը եզրափակեց ըսելով <<Այժմ որ Եկեղեցին կը ճանչնայ իր դիմագրաւած դժուարութիւնները, լարուածութիւնները, մտահոգութիւնները, մեղքերը ու մարդկային տկարութիւնները, ժամանակն է սպասելու նոր Պենետեկոստէն ու ապրելու Աստուծոյ խօսքը եւ զայն ուրախութեամբ կիսելու ուրիշներու հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.